
Այսօր Հայաստանի մէջ հնչեց առաջին զանգը, դպրոցները բացին իրենց դռները։
Վրաստանի մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար՝ Սուրէն Պապիկեանին դիմաւորեցին հանդիսաւոր արարողութեամբ։
Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցեց խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին 10-րդ փաթեթը. յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարարը Փրակի մէջ տեղի ունեցող՝ «GLOBSEC» համաժողովի Հայաստանին նուիրուած քննարկման ժամանակ։
Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իր առաքելութիւնը այս պաշտօնին՝ աւարտեց։
Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը երկու օր շարունակ՝ Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուց «Սիմֆոնիկ Երեւան» ծրագիրը։





