ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 18 Ապրիլ. 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Տաւուշ մարզի՝ Ոսկեպար, Կիրանց եւ Բերքաբեր բնակավայրեր եւ տեղւոյն վրայ բնակիչներուն ներկայացուց Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան՝ ներառեալ սահմանազատման գործընթացի առկայ իրավիճակը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին հետ։Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման դրական ընթացքը։

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը մեկնաբանեց Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու՝ Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս հանելը։

Back to top button