
Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ
«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք,Կամք եւ Յոյս» գիրքի շնորհանդէսին առիթով դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ժամանած է Երեւան։ Թէեւ նշեալ գիրքի շնորհանդէսները կայացան Պէյրութի եւ Քուէյթի մէջ, սակայն հայրենիքի մէջ շնորհանդէսը ունի իր իւրայատուկ տեղը հեղինակին համար։
«Հայրենի հողին վրայ մտաւորական աշխատանք տանիլը բոլորովին ուրիշ բան է․ հողը տուն է, եւ յատուկ նշանակութիւն ունի ինծի համար»,- կ՛ըսէ ան։


«Հոն կրցայ տեսնել սփիւռքահայ գունաւոր եւ տարբեր իրականութիւններ, որոնք բոլորը քով քովի բերելով` տեսայ սփիւռքահայ իրականութեան մէկ մեծ խճանկարը իր տարբեր երանգներով` հայ ենք, բայց տարբեր ենք»: Ինչո՞ւ։ Գիրքի հեղինակը պատասխանը կը գտնէ ժամանակի բերած եզրայանգումներուն մէջ. «Սփիւռքահայը ինքզինք այլեւս գաղթական եւ օտար չի նկատեր, ան իր ապրած երկրին քաղաքացին է` միաձուլուած միջավայրին ու շաղախուած տեղւոյն մշակոյթին հետ: Այս տեղական մշակոյթին հետ շաղախուիլը իւրաքանչիւր սփիւռքահայը կը դարձնէ իւրայատուկ, տարբեր միւս սփիւռքահայէն»:
Այս գիրքով դրականը կը փորձենք տեսել, կ՛ըսէ ՝ դոկտ. Ճէպէճեան։ «Տարբեր ենք որտեւ տարբեր երկիրներու մէջ ծնած ենք» ։

Այս հատընտիրը կ’արժեւորուի ոչ միայն իր հրատարակչական տպագրութեամբ, այլ՝ այն նիւթերով, որոնք հայ իրականութենէն փրցուած ու քաղուած են։ Հինգ տարեշրջաններու (2018-2022) վրայ ներգրաւուած գրութիւնները կը բուրեն՝ անձնական, ազգային, գաղափարական, մարդասիրական, բարոյական ու կրօնագիտական բովանդակութիւններով համեմուած ճոխ ընտրանի մը։
Հր. Ճէպէճեան կը հաստատէ՝ «Այսօր աշխարհը պէտք ունի դառնալու ստեղծագործողի մշակոյթին` Բարիին: Բարին պէտք է ընենք, որպէսզի կերտենք եւ ա՛լ աւելիով զօրացնենք Բարիի մշակոյթը»:
Հրապարակագիր, Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչ՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, ծնեալ՝ Պէյրութ, կը սերի Ճէպէճեան համանուն գերդաստանէն, յատկապէս՝ իր հօր՝ արուեստագէտ Ճէպէճեանի դաստիարակութեամբ եւ իր հօրեղբօր՝ բժշկապետ-գիտնական-մշակութաբան՝ յայտնի բժշկ․ Ռոպէրթ Ճէպէճեանի ժառանգութեամբ։ Ընտանիքի աւանդը փոխանցուած է իրեն, մշակոյթի հանդէպ սէրն ու պահմանման ձգտումը։




