
Հայաստանի Վարչապետը այսօր ելոյթ կ՛ունենայ Սթրազպուրկի Եւրոպայի խորհրդարանին մէջ։
Պաքուն Սիւնիքը կը ճանչնայ որպէս Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։ BBC-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկով պատասխանելով՝ Սիւնիքի գրաւման սպառնալիքին վերաբերեալ Հայաստանի մտահոգութիւններու մասին հարցին ։
Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժումը մտադիր է Իսրայէլի հարաւը գերի առնուած պատանդները փոխանակել իսրայէլի բանտերուն մէջ պահուող 6000 պաղեստինցիներու հետ։ Այդ մասին յայտարարած է ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցչութեան ղեկավարը ։
Պերլինի մէջ օրերս կայացաւ դասական երաժշտութեան ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւնը՝ OPUS KLASSIK համերգը։ Հայազգի, սոփրանօ, Յասմիկ Գրիգորեանը «Տարուան լաւագոյն երգչուհին» ճանչցուած է ։




