Արեւմտահայերէն լուրեր 02 Հոկտեմբեր. 2023


Արցախէն 100 հազար 514 բռնի տեղահանուած անձ արդէն Հայաստան կը գտնուի։ Փոխանցեց Վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Պաղտասարեանը ասուլիսի ժամանակ ։
Երէկ ուշ ժամուն հանրակառքը Արցախէն հասած է Գորիս՝ 15 ուղեւորներով, «Նուիրեալ խումբ մը մարդիկ հարիւրաւոր ահազանգերու ետեւէն գացած հասցէ առ հասցէ, դուռ առ դուռ՝ անօգնական մարդոց տարհանելու համար», — տեղեկացուց Գեղամ Ստեփանեան՝ յորդորելով, թէ Արցախի մէջ մնացած առանձին կամ անօգնական մարդոց մասին տեղեկութիւն ունենալու պարագային դիմել Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէին։
Երեքշաբթի օր Հայաստան պիտի այցելէ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոննան։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը։ Քոլոննան յայտարարած էր, որ Ֆրանսան ռազմական կցորդ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, ինչպես նաև հիւպատոսութիւն պիտի բացուի Սիւնիք մարզի՝ սահմանային հատուածին:

