ԿարևորՀասարակություն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 15 Ապրիլին կը տօնէ հիմնադրութեան 117-ամեակը

Անի Զէյթունցեան

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 15 Ապրիլին կը տօնէ հիմնադրութեան 117-ամեակը ինչպես Հայաստանի մէջ,  այնպէս ալ սփիւռքի : Հ․Բ․Ը․Միութիւնը հիմնադրուած  է 1906 թուականին Գահիրէի մէջ՝  բարձր հեղինակութիւն եւ տեսլական ունեցող առաջնորդներու եւ  ականաւոր ազգային գործիչներու կողմէն:

Այսօր Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը ունի իր ներկայութիւնը աշխարհի 40 երկիրներու աւելի քան 70 քաղաքներուն մէջ: Իր կրթական, մշակութային, մարդասիրական ու ընկերային-տնտեսական զարգացման ծրագիրներու միջոցով կը պահպանէ եւ կը  զարգացնէ հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը՝ իւրաքանչիւր տարի ազդեցութիւն ունենալով աշխարհով մէկ սփռուած շուրջ 500,000 հայերու կեանքին վրայ:

Աւելի քան մէկ դար Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը ծանրակշիռ ներկայութիւն  ունեցած է  աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու մէջ,  յարափոփոխ իրականութեան պայմաններուն մէջ շարունակած է  բացայայտել եւ արձագանգել բազմազան կարիքներուն: Շնորհիւ  համայն հայութեան մէջ իր եզակի դիրքին՝  կրցած է ներգրաւել Սփիւռքը որպէս փորձառութեան ու համագործակցութեան աղբիւր:

Կարդացեք նաև

Back to top button