Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 04 Ապրիլ. 2023

Ատրպէյճանական կեղծ քարոզչամեքենայի կողմէն կատարուած լուրերը, թէ իբր Շուշիի երկու գիւղեր անցած են թշնամիի վերահսկողութեան տակ, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին յայտնեց Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեան։

Պուխարեստի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Ռումանիոյ Ծերակոյտի գործող նախագահին հետ:Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու:

Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատը եւ Ծերակոյտը 2019 թուականին միաձայն յայտարարեցին Ամերիկայի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որմէ յետոյ ՝ 2021 թուականի Ապրիլի 24-ին, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչեց նախագահ Ճօ Պայտըն։ Նիւ Եորքի՝ Թայմզ Սքուէրին մէջ, Ապրիլի 23-ին ժամը 13:30-ին պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Այսօր Աւագ Երեքշաբթի՝ Աւետարանական Տասը կոյսերու առակը հինգ իմաստուն եւ հինգ յիմար կոյսերու պատմութեամբ կը պատգամէ պատրաստ ըլլալ Տիրոջ Գալստեան:

Կարդացեք նաև

Back to top button