
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի բարձրաստիճան նիստի շրջանակներուն մէջ նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Փախստականներու հարցերով ՄԱԿ գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիին հետ: Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է նաեւ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակը հանգուցալուծելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Միրզոյեան կարեւոր նկատած է միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ։
28 Փետրուարին Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հաւաք-խորհրդակցութիւն մը՝ «Զինուորական կարգապահութեան առկայ խնդիրները» թեմայով:
Երկրաշարժէն տուժածներուն համար մարդասիրական օգնութեամբ 244 օդանաւ ժամանած է Սուրիա, Սուրիոյ իշխանութիւնները երկրաշարժի հետեւանքներու պատճառով բախում ունին լուրջ մարտահրաւէրներու , անոնք աջակցութիւն կը պահանջեն ՝ հաշուի առնելով սուրիական պետութեան հնարաւորութիւնները 12 տարուան պատերազմէն յետոյ։





