
Խոնարհելով Սումկայիթի զոհերու յիշատակին՝ պաշտպանենք իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու Արցախի մեր հայրենակիցներուն անբեկանելի իրաւունքները, ըսած է Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր ուղերձին մէջ Սումգայիթի ողբերգութեան 35-րդ տարելիցին առիթով ։ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ խոնարհեցին Ատրպէյճանի կառավարութեան կազմակերպած կոտորածներուն զոհուած հայերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարերուն:
Եւրոպայի 100 հոգինոց առաքելութիւնը աշխատանքի անցաւ Հայաստանի մէջ, ըստ համաձայնութեան, առաքելութիւնը մեր երկրին մէջ պիտի մնայ մինչեւ 2025 թուական:
Փետրուար 27-28 Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ժնեւ կը գտնուի՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքների խորհուրդի 52-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան նիստին։





