
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցաւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ: Երկուստեք ընդգծուած է Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէն վերաբանալու անհրաժեշտութիւնը եւ անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը։ Եւրամիութիւնը ի գիտութիւն ընդունեց Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէն տրուած պարտաւորեցնող հրամանը՝ նշելով, որ Ատրպէյճան պէտք է ձեռնարկէ իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրամիմիջոցներու եւ ապրանքներոու անարգել տեղաշարժը ապահովելու համար։ Աշխատի՛ր Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ: Սփիւռքահայ մասնագէտներուն համար «Իգործ 2023» ծագիրի դիմումներու ընդունելութեան մեկնարկը տրուած է ։ Ծրագիրին կրնաք դիմել մինչեւ՝ 5 Ապրիլ։
Մանրամասնութիւններուն համար այցելել․ http://diaspora.gov.am/hy/programs/25/fellowship




