
Երրորդ օրն է արդէն, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան։ Արցախի շտապի տարածած հաղորդագրութեան մեջ նշուած է.«Հաշուի առնելով, որ Հայաստանէն Արցախ կազի մատակարարումը Ատրպէյճանի հատուածին նոյնպես արգելափակուած է, եւ Արցախը զրկուած է կազէն, Արցախի բնակիչներուն կոչ կ՛ընենք խնայողաբսր օգտագործել ելեկտրականութիւնը եւ վառելիքը։ Վերջին օրերուն մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծայրաստիճան սրուած է: Կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան հայտնեց նաեւ, որ մշտական կապի մեջ է Արցախի նախագահին հետ՝ իրադարձութիւններու զարգացումը գնահատելու եւ հնարաւոր հանգուցալուծումները քննարկելու նպատակով։
Դեկտեմբերի 15-ին՝ ժամը 01:10-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են Նորաբակի եւ Սրաշէնի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Դեկտեմբերի 15-ի՝ ժամը 08:30-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը սահմանին յարաբերական կայուն է:





