
Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովի շրջանակներուն մէջ Երեւանի մէջ 28-31 Հոկտեմբերին աշխարհի տարբեր երկիրներէն մօտ 600 հայորդիներ ժամանած էին Հայաստան գագաթնաժողովին մասնակցելու առիթով։ Հինգ տարուան բացակակութենէ մը ետք ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան։

Այս դժուար օրերուն հայութիւնը այստեղ միացաւ,- նկատել տուաւ Կարօ Փայլան գագաթնաժողովի կարեւորութիւնը։ Իսկ անդրադառնալով գալիք օրերու համար ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանի ու Արցախի մասին։ «Անշուշտ տկար կը զգանք հիմա , եթէ դաս քաղենք անցեալէն եւ ճամբայ մը գտնենք խաղաղութեան համար աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք։»
Կարօ Փայլանի կարծիքով՝ բոլոր հայերս պիտի միասնաբար պայքարինք Հայաստանի ապագային համար։ Հայաստանի համար խաղաղութիւնը անհրաժեշտութիւն է ։Հիմա Հայաստան պէտք է պատրաստ ըլլայ խաղաղութեան , հիմա միանալու ժամանակն է,- ըսաւ Կարօ Փայլան։

Պատասխանատուութիւնը ոչ միայն վարչապետերուն նախագահներուն թողնելու ենք, ժողովուրդն ալ, մենք ալ պատասխանատուութիւն ունինք, որովհետեւ եթէ ժողովուրդը չհաւատայ խաղաղութեան՝ խաղաղութիւն չըլլար։ Մենք պիտի լուծում գտնենք , մենք մնայուն խաղաղութիւն պէտք ունինք։ Եթէ խաղաղութիւն չի կարենանք կազմակեպել կորուստներոը պիտի շարունակուին, ասոր համար հիմա բոլոր հայերը պատասխանատուոութիւն պիտի առնեն,- Կրկնեց Կարօ Փայլան ։
«Մեր ինքնութիւնը միայն Հայաստանի մէջ է, Հայաստանի ապագայի մասին պիտի խորհինք , ուժ տանք Հայաստանի ժողովուրդին, Հայաստանի կառավարութեան , Հայաստանի պետութեան»,- այսպէս եզրափակեց խօսքը խիզախ հայորդին՝ Կարօ Փայլան։

Ինչ կը վերաբերի իր կեանքին վտանգ սպառնալուն՝ ան ըսաւ որ, «Անշուշտ վտանգ կայ, բայց եթէ ատիկա խորհիմ ես բան մըն ալ չեմ կրնար ընել, չեմ կրնար պայքարիլ։ Մենք արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կը պահանջենք»։
Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացուելուն համար ան դիտել տուաւ , որ այս ամիսները որոշիչ պիտի ըլլան Հայաստանի ապագային համար։




