
Մտադիր ենք ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւնները ամրապնդելու. Ռուսաստանի դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց։ Այսօր կը լրանայ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան պայմանագրի ստորագրութեան 25 ամեակը:
Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Բերձորի միջանցքով երթեւեկութիւնը կը գործէ մինչեւ սոյն թուականի Օգոստոս 31-ը ներառեալ։ Քաղաքացիներու անվտանգ տեղաշարժը այս ընթացքին կ՛ապահովեն ռուս խաղաղապահները։
Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկայի դեսպանատունը պատասխանած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանի մէջ Ամերիկիայի եւ Ֆրանսայի դեսպանները անտեսած են Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ Շուշի այցելելու հրաւէրը:




