ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 25. 2022

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Օգոստոսին երկօրեայ աշխատանքային այցով կը գտնուի Ղրղզստանի Հանրապետութիւն: Հայաստանի վարչապետը պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստի աշխատանքներուն։

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը իրազեկեց -, որ Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշի-Բերձոր-Գորիս ճանապարհի հատուածը երկկողմանի բաց է: «Արցախի Հանրապետութիւն մտնող եւ դէպի Հայաստան ելք կատարող քաղաքացիներուն ազատ ու անվտանգ երթեւեկութիւնը ապահոված են ռուս խաղաղապահները»,- նշուած է Արցախի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը մերժեց Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի դիմումը` արձանագրելով, որ կը բացակայի նոր միջանկեալ միջոց կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Կարդացեք նաև

Back to top button