Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 24. 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ քննարկումները շարունակուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի շուրջ:

Հաստատուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը: Սեպտեմբեր 1-ին կենսաթոշակներն ու նպաստները պիտի բարձրանան։

Կառավարութեան օգոստոսի 24-ի հերթական նիստին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ բաւական լաւ տնտեսական ցուցանիշներ արձանագրուած են, պետական եկամուտները հարկային եկամուտներու մասով գերակատարուած է աւելի քան 70 միլիառ դրամով: «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթումի հետեւանքով անհետ կորսուած համարուող քաղաքացիին մարմինը կամ մասունքները չեն յայտնաբերուած։

Յայնտեց Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հայկ Կոստանեան։

Կարդացեք նաև

Back to top button