
Ապրող Գաղութներ՝ շարքէն առաջինը Այնճար
Լիբանանը ունի շատ հարստութիւններ, Այնճարի ներկայութիւնը՝ սակայն բան մը կ՛աւելցնէ այս երկրի հարստութեան վրայ։ Արդէն 80 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի Այնճար աւանը, որը հպարտութիւն կրնայ ներշնչել որեւէ հայորդիի։ Այնճար ինչո՞ւ կարեւոր է հայութեան համար, գլխաւոր պատճառներու մասին մենք կը խօսինք Այնճարի ծնունդ, Այնճարէն ժամանած՝ երկրաչափ Հրակ Սթանպուլեանի հետ։

Հրակ Սթանպուլեանի կարծիքով՝ Սփիւռքի հայերուն համար Այնճարը իր կառուցուածքով իր դպրոցներով եւ հաստատութիւններով արդէն պզտիկ Հայաստան մըն է։
Այնճարը իր իւրայատուկ դերը ունի սփիւռքի մէջ, իսկ Լիբանանի մէջ այն յատուկ տեղն է, ուր բոլորը հայախօս են եւ նոյնիսկ պետական կառոյցը՝ քաղաքապետարանը, հայերէ կազմուած է։ «Ունինք 3 դպրոցներ, որոնք բոլորը հայկական դիմագիծ ունին, նոյնիսկ լիբանանցիներու համար շատ յատուկ է։ Այնճարի իւրայատկութիւնը , որպէս հայ-քրիստոնեայ միջավայր իր կազմութեամբ հետաքրքրական եղած է Լիբանանի համար»։
Այնճար իր դերը ունեցած է եւ ունի հայկական մեր իրականութեան մէջ, եւ ինչպէս բոլոր գաղութները սփիւռքի մէջ վերջին 20 տարիներուն, որպէս սփիւռք վտանգի մէջ են։ Սակայն Այնճարը պահած է նոյն կարեւորութիւնը, որովհետեւ մնացած է նոյնը , անշուշտ բնակչութիւնը թիւով նուազած է, սակայն Այնճարը միշտ մնացած է նոյնը` պահելով իր դիմագիծը։ Այնճարը թողնելը իր պատճառները ունի, դրական կողմը այն կ՛ըլլայ, երբ ներգաղթ ըլլայ դէպի հայրենիք , այն ատեն կարելի կ՛ըլլայ արդարացնել։ Իւրաքանչիւր անհատի պակասը սակայն Այնճարի մէջ զգալի կը դառնայ, ամէն ջանքով պէտք է պահել այդ գաղութը, որպէսզի մնայ ապրող գաղութ եւ կենցաղը չի փոխուի, կը պատմէ զրուցակիցս։
Սուրիոյ պատերազմին ալ բաւական գաղթ եղաւ դէպի Այնճար որպէս ապահով վայր, փախստականներ ունեցանք։ Հայ ընտանիքներէն մաս մը մնացին, որոնք հալէպահայեր կամ Քեսապէն եկող հայեր, մաս մըն ալ տարանցիկ վայր որպէս, անցան դէպի Հայաստան , Գանատա կամ այլ արեւմտեան երկիրներ։
«Այնճարցիները բոլորը հողատէրեր են, ոչ կալուածատէրեր, նոյնիսկ Լիբանանի խիստ ճգնաժամի օրերուն այդ խիստ պարագային կրցած են դիմանալ, որովհետեւ կազմակերպուածութիւն ունին եւ միշտ իրարու նեցուկ կը կանգնին»։

Նոյնիսկ հայրենիքէն եղած են օգնութիւններ Այնճարի ժողովուրդին ։
Այնճարը խաղաղ ովասիս է աշխարհի ամենաշատ հակամարտութիւններ ունեցող տարածաշրջանին մէջ։ «Անշո՛ւշտ․․ օրինակ է այդպիսի իրականութեան, հակառակ իր ամենօրեայ դժուարութիւններուն։ Այնճարը եղած է Արեւելքի ովասիս եւ կանգառ մըն է , որ մարդիկ եկած ու մնացած են Մուսա լերան ծագումով Այնճարի մէջ , նոյնիսկ անոնք որ չեն մնացած, նեցուկ եղած են միշտ»։
Այնճարի գոյատեւման գաղտնիքը իբր գիւղ՝ երկրի մը պէս կազմակերպուած ըլլալն է , փաստը այն է , որ Այնճարը կայ եւ շատ երկար ժամանակ Այնճարը պիտի մնայ։ Կը վկայէ մեր հիւրը Այնճարի զաւակ, հայրենիքի մէջ իր ուսումը ստացած ապա ետ վերադարձած իր հարազատ ծննդավայր՝ Հրակ Սաթանպուլեանը։

19 Օգոստոս 1939-ին Մուսա լերան հայկական 6 գիւղերու բնակչութիւնը փոխադրուեցաւ Այնճար, մուսալեռցիներ եկան ու ընդարձակ վրաններ կցելով կանգնեցուցին դպրոցը եւ հաւաքեցին երկսեռ աշակերտներ։
1940-ին «Յառաջ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի անձնական նախաեռնութեամբ ֆրանսահայութենէ կոկիկ գումար մը հանգանակուեցաւ եւ հիմը դրուեցաւ ներկայ նախակրթարանին՝ Ազգային Յառաջ վարժարան անունով։ Այնճարի գլխաւոր պողոտայի վրայ կառուցուած Ս․ Պօղոս եկեղեցւոյ կողքին ազգային վարժարանի բացումը տեղի ունեցաւ 1941-ին 755 երկսեռ աշակերտութեամբ։ 1945-47 թ․ հայրենիք ներգաղթած ժողովուրդի կէսին հետ աշակերտութեան թիւն ալ կէսի իջաւ։

Այսօր Այնճարը ունի 3 վարժարաններ համայնքներուն համապատասխան ։ Յառաջ-Գ․Կիւլպէնկեան վարժարանը ոչ միայն ազգային, այլ Լիբանանաի կրթական ծրագրին համապասխան վարժարան է մինչեւ համալսարան ։ Մեր հիւրը շրջան մը եղած է տնօրէն՝ Գ․Կիւլպէնկեան վարժարանի ։ Ներկայիս վարժարանի տնօրէնն է պրն․ Արմէն Թաշճեան։






