ԿարևորՀասարակություն

Հաշիւները մէկ կողմ դնելով միասնաբար աշխատինք․ Վարդգէս Արզումանեանի հետ

«Մեզի համար հայրենիքին ծառայելը , ազգին ծառայելը պարտականութենէն վեր բան մըն է», Վարդգէս Ոսկեբերանի Արզումանեան 12 Հոկտեմբեր, 2021-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի հանրապետութեան Զինուած ուժերու կողմէն հայոց բանակին  ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրն է ՝լիբանանահայ ազգային հասարակական գործիչ, հրապարակագիր տոքթ․ Վարդգէս Արզումանեան, որը կ՛ապրի Ապու Տապիի մէջ։ Ան կը պատմէ իր տարած ազգանուէր գործունէութեան մասին:

Ազգային երեսփոխանը Հայաստանի դեսպանատան միջոցով կրցած է օգնել հայրենիքին յատկապէս Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, ան անհատապէս օգնած է Պաշտպանութեան բանակին եւ այդ պատճառով ալ գնահտուած ու պարգեւատրուած է նախարարութեան կողմէ։ 

Այն հարցումիս թէ Ապու Տապի նոր կազմուող սփիւռք է , ինչո՞վ կը տարբերի աւանդական սփիւռքէն , տոքթ․ Արզումանեան պատասխանեց․«Նոր գաղութներ են ասոնք , 70-ական թուականներէն ի վեր Ապու Տապիի մէջ ի մասնաւորի քանի մը անհատներ կային, բայց ուր որ երկու հայ կ՛ըլլայ քով քովի կուգան ու պզտիկ հայրենիք մը կ՛ըլլայ։ Այսպիսով քանի մը հազար հոգիով գաղութը ունի միօրեայ հայկական վարժարան  ու եկեղեցի մը, նոյնն ալ Շարժայի մէջ »։ Ան յաւելեց, որ գաղութը աւելի կազամկերպուած ու  ծաղկած է , յատկապէս Սուրիոյ պատերազմէն ետք բաւական մեծ թիւով եկող սուրիահայերուն շնորհիւ։

Վարդգէս Արզումանեան մեծապէս ազդուած է իր հօրմէն, գլխագիր մարդէն , որը 1690-ականներէն միչեւ իր մահը՝ 2007 թուական Ոսկեբերան Արզումանեան եղած է լիբանանահայ ազգային , հասարակական կեանքի կարեւոր եւ ազնուական ներկայացուցիչներէն մին։ Ան վարած է պատասխանատու բարձր պաշտօններր ու երկար ժամանակ վարած է  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Վարդգէս Արզումանեան լուսաբանեց իր հօր մահէն ետք իրենց հիմնադրած՝ կրթական նպաստի մասին  «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտի մասին » եւ ըսաւ․- Հայրս ֆրանսական համասարանի ընդհանուր տնօրէնը եղած է, մարդկային արժէքներու ուշադրութիւն տուող։ Կրթական նպաստը յառաջացուցած ենք այն աշակերտներուն համար , որոնք կարիքը ունին օգնութեան եւ այդ պայմանով , որ այդ աշակերտները երբ աւարտեն իրենց ուսումը հարկ է ծառայել ազգային կառոյցներուն կամ հայկական կազմակերպութիւններուն , որպէսզի աշակերտը զգայ թէ տալիք մը ունի իր ազգին։

Տէր եւ տիկին Ոսկեբերան Արզումանեան

Այսօր մեր սիրտը մեր հայրենիքն է, ըսաւ Վարդգէս  եւ հետեւեալ ուղերձով փակեց մեր զրոյցը , «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր , մնացածը ամէն աշխատանքի ոճ է , հայրենիքը գերադասենք մեր անձնական շահերէն ալ վեր , միշտ ըսելով թէ մենք ի՞նչ կրնանք ընել հայրենիքին համար, հայրենիքը իր ներկայութեամբ արդէն օրհնութիւն է»։ Ան միասնականութեան կոչ ուղղեց , աւելցնելով, որ Ցեղասպանութիւնը ապրած մարդիկ, մեր մեծ հայրերն ու մայրերը տեսլական մը ունէին , այն օրը տեսնեն երբ հայրենիքը ազատ ու անկախ է ու նոր մեռնին ։ «Մենք ունինք այսօր ազատ ու անկախ հայրենիքը,  մեզի կ՛իյնայ այսօր ձեռք ձեռքի տալ , հաշիւները մէկ կողմ դնելով միասնաբար աշխատինք որ մայր հայրենիքը բարգաւաճի, մնայ եւ զօրանայ»։

Կարդացեք նաև

Back to top button