Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մարտ 11. 2022

Ատրպէյճանի զինուժը ականանետ կիրառած է Խնապատ գիւղի ուղղութեամբ, իսկ Թաղաւարդի մէջ բարձրախօսով գիւղը լքելու կոչեր հնչեցուցած ՝ կը յայտնէ Արցախի Ներքին գործերու ոստիկանութիւնը․ տուժածներ չկան:

Անթալիայի դիւանագիտական հաւաքի շրջածիրէն ներս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին հետ։ Կարեւոր նկատուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման խաղաղ բանակցութիւններու լիարժէք վերսկսումը։

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը մինչեւ 2022 թուականի Օգոստոս 31-ը, սահմանեց դէպի ԵԱՏՄ երկիրներ հացահատիկի արտահանման ժամանակաւոր սահմանափակումներ , սակայն անհրաժեշտութեան պարագային ԵԱՏՄ երկիրները կրնան գնել հացահատիկի յաւելեալ քանակ՝ Ռուսաստանի Արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան տրամադրած արտօնագրերու միջոցով։

Ռուսաստանի տնտեսական զարգացման նախարարութեան տուեալներով այս տարուան սկիզբը ԵԱՏՄ անդամ երկիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, արդէն գնած են հացահատիկի անհրաժեշտ պաշարները։

Կարդացեք նաև

Back to top button