
Յուլիս 29-ին, ժամը 08։40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրկին կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Ծաւալուած է կարճատեւ փոխ հրաձգութիւն, հայ դիրքապահներու գործողութիւններէն յետոյ հակառակորդի կրակը կասեցուած է ։ Յուլիսի 29-ի սադրանքների հետեւանքով վիրաւորուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու մէկ զինծառայող։
Կառավարութեան այսօրուան նիստին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի իրավիճակին, ատրպէյճանական կողմի՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան դէմ գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան յետագայ քայլերու մասին։ «Ատրպէյճան իր բոլոր գործողութիւններով կը փորձէ խափանել երկխօսութեան որեւէ կարելիութիւն հռետորաբանութեամբ եւ գործողութիւններով նաեւ վարկաբեկելով Նոյ․ 9-ի եւ Յուն․ 11-ի եռակողմ յայտարարութիւնները»,- իր խօսքին մէջ նշեց Փաշինեան:





