ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 8, 2021

Մոսկուայի մէջ կայացաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Փաշինեանն անդրադարձած է անվտանգութեանն առնչուող հարցերուն ,տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ոչ կայուն իրավիճակի մասին՝ ընդգծելով Ռուսաստանի նախագահին եւ Ռուսաստանի դերակատարութիւնն ու ջանքերը հրադադարի կնքման հարցին մէջ:

Կառավարութիւնը այսօրուան նիստին համաձայնութիւն տուաւ դատաւորներու թուակազմը 20 մասնագէտով աւելցնելու վերաբերեալ, դիտարկելով որպէս դատական համակարգին մէջ բովանդակային բարեփոխումներու միջոց:

Քաղաքացիները Ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան արդիւնքով պէտք է կարգուկանոնի նոր որակ տեսնեն. Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարենանին հետ այսօր առաւօտ կանուխ ներկա գտնուեցաւ պարեկային ծառայութեան ստուգատեսին նաեւ:

Կարդացեք նաև

Back to top button