
Յուլիս 1-ին ուժի մեջ կը մտնէ երթեւեկութեան խախտումները լուսանկարահանելու եւ բջիջային յավելուածի միջոցով հաղորդում տալու որոշման կարգը: Կարելի կ՛ըլլայ արձանագրել յաճախակի հանդիպող եւ սովորական քաղաքացիին համար տեսանելի 12 տեսակի իրաւախախտումներ՝ կայանման կանոնները խախտելը, լուսացոյցի ազդանշանին չենթարկուիլը, ինքնաշարժէն աղբ նետելը և այլն:
Արամ Ա․ Կաթողիկոսն ու Հռոմի պապը Վաթիքանի մէջ ելոյթ պիտի ունենան Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին։ Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Յուլիս 1-ին, և բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մասէն՝ Լիբանանի ներկայ իրավիճակի քննարկում եւ Լիբանանի զօրակցութեան նուիրուած հրապարակային արարողութիւն:
Ամերիկայի մէջ առաջին ԹՈՒՄՕ կեդրոնը պիտի բացուի Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ: Կալիֆոռնիոյ նահանգային խորհուրդը 9 միլիոն տոլար կը յատկացնէ այս ծրագիրին, եւս 1 միլիոն տոլար կը յատկացուի Հարաւային Կալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին :





