Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 19, 2021

Այսօր Տուշանպէյի մէջ կը գումարուի ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան՝ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որը համավարակի տարածումէն յետոյ առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ «դէմ առ դէմ» ձեւաչափով:

Ընթացիկ հարցերէն զատ նախարարները հանգամանօրէն կը քննարկեն իսրայէլ-պաղեստինեան հակամարտութեան սրացումը, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին առկայ իրավիճակը։ Մերձաւոր Արեւելքի կարգաւորման թեման գլխաւորներէն մէկն է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի այսօրուան հանդիպման ժամանակ:

Այդ մասին յայտարարեց Սերկէյ Ռեաբկով, կը հաղորդէ Ռիա նովսթին։ Ամբողջ աշխարհի՝ հայ համայնքներուն կողմէ կը շարունակուին FreeArmenianPOWs ազատութիւն հայ գերիներուն լուռ ցոյցերը : Աշխարհի տարբեր քաղաքներու բնակիչներ կը պահանջեն ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, որոնք արդէն Ատրպէյճանի կողմէն 6 ամիսէ ի վեր անօրինական կերպով գերութեան մէջ են եւ կ՛ենթարկուին անմարդկային վերաբերմունքի:

Մոտ օրէն ցոյցեր ՝ Մայիս 20-ին Հաագայի, Սոֆիայի, Սան Փաուլոյի,եւ Մոնռեալի մէջ, Մայիս 21՝ Ռիօ տը Ժանեյրօ, Մայիս 22՝ Լոնտոն եւ Քոփէնհակըն, մայիսի 23՝ Պրուքլին եւ Լոս Անճելըս,-կը յայտնեն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն:

Կարդացեք նաև

Back to top button