
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ պայթումէն անմիջապէս ետք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութիւնը աշխարհի բոլոր ծագերուն անյապաղ հանգանակութեան կոչեր տարածեց՝ արագցնելու օգնութեան յատուկ հիմնադրամի միջոցով լիբանանահայերուն հասցուելիք աջակցութիւնը:
«Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը մօտաւորապէս չորս միլիոն տոլար հանգանակած է արդէն հիմնադրամի միջոցով լիբանանահայերուն օգնելու համար։ Լիբանանի հայ գաղութը Պէյրութի պայթումին հետեւանքով ծանր կորուստներ կրեց․ հարիւրաւոր տուներ, եկեղեցիներ, ազգային հատատութիւններ եւ կեդրոններ ծանր վնասներ կրեցին, դժբախտաբար մեր հայրենակիցներէն ունեցանք 13 զոհ եւ 300 վիրաւոր»։
Մեզ տեղեկացուց Բացառիկ հարցազրոյցի հիւրը՝ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանեան գրասենեակի փոխ տնօրէն՝ Յովիկ Էօրտէքեանը։ Մեր զրուցակիցը նաեւ աւելցուց , որ ազգային բարերարներ, տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ խոստացած են կրկնապատկել հանգանակուած գումարը։
ՀԲԸՄ-ն երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր բարերարներուն, ինչպես նաև նուիրատուներուն, այդ թիւին մէջ ՝ աշխարհի տարբեր անկիւններուն ապրող երիտասարդ կամաւորներուն եւ համախոհներուն:
«Մեր համատեղ ուժերով է, որ կարող ենք արձագանքել առկայ կարիքներուն՝ ՀԲԸՄ Աղէտներու արձագանքման ստորաբաժանման կողմէն տեղւոյն աննախադէպ կամաւորական գործունէութեանց շնորհիւ»,- նշեց ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։

Այս հրատապ ջանքերուն շնորհիւ գոյացած բոլոր միջոցները անմիջապէս օգնութեան կը հասնին աղէտի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Պրն Էօրտէքեան պատմեց, որ Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան անդամները յատուկ կամաւորական խումբերով բաղկացած սկաուուտներէ, ուսանողներէ եւ ուղուցիչներէ աննախադէպ գործ կը տանին օգնութեան աշխատանքներ կատարելով հայահոծ թաղամասերուն մէջ։ Ան տեղեկացուց , որ օգնութիւնները կը կատարուին երեք ուղղութիւններով․ սննդեղէն եւ տաք կերակուր, դեղօրայք եւ անմիջական բուժում նաեւ ծանր վնասներ կրած բնակարաններու եւ գործատեղիներու մաքրութիւն , վերանորոգութեան նախնական աշխատանքներ։
ՀԲԸՄ-ն կը դիմէ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ կոչ ընելով անյետաձգելի նուիրատւութիւններու միջոցով փրկօղակ նետել Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն, վստահեցնելով , որ նպաստաբաշխման աշխատանքները շարունակական բնոյթ ունին։
Յովիկ Էօրտէքեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելոով․ «Ազգովին պէտք է կողք կողքի կանգնինք սփիւռքի միջնաբերդը հանդիսացող Լիբանանի օգնութեան»։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միությունը (ՀԲԸՄ) սփիւռքի հնագոյն, համաժողովրդական և համահայկական կազմակերպութիւնն է: Հիմնուած ըլլալով 1906 թուականին՝ ՀԲԸՄ-ի գլխամասային գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ: ՀԲԸՄ-ը կրթական, մշակութային և մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով կը պահպանէ եւ կը զարգացնէ հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը՝ իւրաքանչիւր տարի ազդեցութիւն ունենալով աշխարհով մէկ սփռուած մօտ 500,000 հայերու կեանքին վրայ։




