ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 30. 2022

30 Սեպտեմբեր ժամը 09:00-ի դրութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութեան փոփոխութիւն չէ արձանագրուած, իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է: Կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

2 Հոկտեմբերին Ժնեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ կը քննարկուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան դիտորդները օգտագործելու հնարաւորութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար: Կը յայտնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

Back to top button