ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 15, 2021

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է. յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեանը։

Յունուար 13-ին Ալիեւի յայտարարությունները ԻՍԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնին հետ հանդիպմա կուգան անգամ մը եւս ապացուցելու, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է: Հայկական ժառանգութեան ինքնութեան խեղաթիւրումը «մշակութային թալանի» փորձ է, որը նաեւ միջազգային իրաւական գործիքների կոպիտ ոտնայարում է:

Հայաստանի համար 2020 թուականը ծանր տարի էր. համավարակ, պատերազմ: Չնայած այդ գործօններուն՝ ընթերացէսերները չեն դադրած կարդալ՝գնելով նոր գիրքեր, ծանօթանալով ինչէս հայ, այնպէս ալ օտար հեղինակներու ստեղծագործություններուն:

«Անտարես» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեան ուրախալի կը համարէ այն հանգամանքը, որ պատերազմէն ետք գրախանութ յաճախողները աւելցած են , պատվերները շատցած: Ան փաստեց, որ այս տարի ժողովուրդը ամբողջ շուքով չնշեց Ամանորը, բայց հաճելի էր տեսնել, որ Ամանորի զուսպ նուէրներուն մէջ նախընտրեցին նաեւ գիրքը: Այդ մասին կը վկայեն մինչ Ամանորը գրախանութներու հերթերը:

Back to top button