ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուարի 13, 2021

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարություն տարածած է Պաքուի հակա-հայկական ջարդերու 31-ամեակին առիթով։ 1990 թուականի Յունուարին օրեր շարունակ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ առանձնակի դաժանութեամբ իրականացուեցան Պաքուի հայ բնակչութեան ջարդերը ու զանգուածային տեղահանումները: Եղան հարիւրաւոր սպանուածներ, անյայտ կորսուածներ, տասնեակ հազարաւոր փախստականներ:

«Մինչ օրս պատասխանատւութեան չեն ենթարկուած Պաքուի հակա-հայկական ջարդերու կազմակերպիչները և իրականացնողները, որոնք կը շարունակուին փառաբանուիլ որպէս հերոսներ: մինչ օրս Ատրպէյճան կը շարունակէ էթնիկ զտումներու և հայաթափման այդ քաղաքականութիւնը Արցախի հանդէպ:

Այսօր յարգանքի տուրք մատուցելով Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հակա-հայկական ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակին՝ անգամ մը եւս կ՛ընդգծենք Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան և ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնական յանձնառութիւնը` երաշխաւորելու իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ և արժանապատիւ ապրելու հայ ժողովուրդի իրաւունքը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճան կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը․ « 64 ռազմագերիներ եւ որոշ քաղաքացիական անձեր յետպատերազմեան ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած են առանց Կարմիր խաչի եւ ռուս միջնորդներու պաշտօնական հաստատման»,- գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան:

Այլ երկիրներու քաղաքացի հանդիսացող անձերը կրնան հատել հայ-վրացական սահմանը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործելու համար անցակէտերու ցամաքային սահմանով սակայն այն պայմանով, որ ունենան COVID-19- ի համար բացասական հետազօտում հաստատող փաստաթուղթ (ոչ աւելի, քան 72 ժամ առաջ եղած): Հակառակ պարրագային նմուշառում կ՛իրականացուի անցակէտին վրայ , և անձը պարտաւոր է ինքնամեկուսանալ մինչեւ հետազօտման բացասական արդիւնքը նախապէս այդ պահանջքը կը կիրառուէր միայն օդային սահմանային անցակէտերուն վրայ։

Back to top button