ԿարևորՀասարակություն

«Բանաւոր պատմութեան կեդրոն»` Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ

Նոյեմբեր 13-ին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ՀԲԸՄ Փափազեան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Զօրեան ինստիտուտի և Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Բանաւոր պատմութեան կեդրոն»-ի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։

Զօրեան ինստիտուտը այս կեդրոնին յանձնած է իր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան յայտնի արխիւի պատճէնները։ Հաւաքածոն կարևոր նշանակութիւն ունի գիտնականներու, ուսանողներու, հետազօտողներու և ֆիլմարտադրողներու համար։

Բացման ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ավրորա Մարտիգանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան), խիզախութեան նուիրուած «Արշալոյսի Լուսաբաց» -ը շարժապատկերը։ Նախագիծի շնորհիւ Մարտիկեանի 104-ամեայ պատմութիւնը հասանելի կ’ըլլայ ապագայ սերունդներուն։

Բացման ժապաւէնը հատեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանինախագահ Կարին Մարկիտէսն ու Զօրեան ինտիտուտի նախագահ Կրէկ Սարգիսեանը։

Back to top button