
• Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին խաղաղութեան համաձայնագրի հարցով միջնորդութեան համար։
• Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Հոլանտա կը մեկնի։
• Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը սկսած է Մինսքի խումբի լուծարման գործընթացքը:
• Ուքրանացիներուն երեք քառորդը համաձայն է պատերազմը սառեցնել ճակատամարտի ներկայ գիծով։
• Հնդկաստանը եւ Ամերիկան որոշած են ջանքերը աշխուժացնել կարելիին շուտ առեւտրային համաձայնագիր կնքելու համար։
• Օգոստոսին Հայաստան այցելած է 334,396 զբօսաշրջիկ։
• Հայաստանի մէջ պետական միջոցներով 20 յուշարձան կը վերականգնուի։





