
• Հայաստանի մէջ «Արծիւ գործընկեր-2025»՝ հայ-ամերիկեան համատեղ խաղաղապահ զորավարժութիւններ։
• Ամերիկայի յատուկ բանագնացը Մոսկուա պիտի մեկնի։
• ՀԱՄԱՍ բանակցութիւնները վերսկսելու համար կը պահանջէ օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարներուն մուտքը Կազա։ Սովի պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 175-ի։
• Զելենսքին յայտարարեց Ռուսաստանի հետ 1,200 ռազմագերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնութեան մասին։
• «Երեւան» նուագախումբը մեծ յաղթանակով ներկայացաւ Պերլինի մէջ։
• Երեւանի մէջ կայացաւ համաշխարհային աստղ Ճենիֆըր Լոփէզի մենահամերգը․ միջոցառման ներկայ գտնուած է աւելի քան 30 հազար հանդիսատես։




