
• Երեւանը հերքեց Պաքուի հերթական մեղադրանքները Հայաստանի զինուած ուժերու կողմէն ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ կրակելու վերաբերեալ։
• Ալիեւ յայտարարած է, որ պատրաստ են քայլեր սկսելու Հայաստանի հետ վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ։
• Ամերիկայի Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբը կոչ ըրած է Մարքօ Ռուպիոյին եւ Մայքլ Ուոլցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու։
• Ապրիլ 10-ին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի ներկայացուցիչներու հանդիպումը։
• Ֆրանսայի մէջ սկսած է՝ «Հայաստանի օրեր․ մշակութային ճամփորդութիւն դէպի Հայաստան» միջոցառումներու շարքը։





