
• Վարչապետը Գերմանիոյ հայ համայնքին ներկայացուց Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ատոնք յաղթահարելու միջոցները։
• Զարեհ Սինանեան Պելճիքայի հայ համայնքի երիտասարդներուն հետ քննարկած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։
• 17 Փետրուարին Պաքուի մէջ կը շարունակուի Ռուբէն Վարդանեանի գործով շինծու դատավարութիւնը։
• Ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի` Սէուտեան Արաբիոյ մէջ։
• Ամերիկայի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն Երուսաղէմի մէջ Սուրբ Յարութեան տաճար այցելեց։
• 17 Փետրուարին Էմանուէլ Մաքրոն Փարիզի մէջ արտակարգ գագաթնաժողովի շրջանակներուն մէջ կը հիւրընկալէ եւրոպական երկիրներու առաջնորդները։





