ԿարևորՀասարակություն

Լրագրող Հաճեան եւ Թուրքիոյ թաքուն հայերը

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաժողովներու դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ Աւետիս Հաճեանի «Գաղտնի Ազգ, Թուրքիոյ Թաքուն Հայերը  Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey» գիրքի ներկայացում-քննարկումը: Աւետիս Հաճեան լրագրութիւն ուսանած է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ մագիստրոսի աստիճան ստացած է Անգլիոյ Քեմպրիճ համալսարանէն:

Գիրքը անգլերէնով գրուած է եւ բաղկացած է  570 էջ,  32 գլուխ՝ իւրաքանչիւրը նուիրուած առանձին աշխարհագրական-մշակութային տարածաշրջանի՝ Սասուն, Տիգրանակերտ, Տարօն, Կարին, Սեբաստիա, Խարբերդ, Վան, Կիլիկիա, Սեւ ծով   եւ Համշէն։

Աւետիս Հաճեան, շրջելով հայկական բնակավայրերն ու երբեմնի հայաշատ վայրերը, հաւաքած է հայերու պատմութիւններ, յիշողութիւններ եւ այլ պատառիկներ:  Այս գիրքը հսկայ աշխատանքի մը արգասիքն է Մեծ Եղեռնի աշխարհագրական տարածքներուն մէջ։

«Զիս դրդողը եղաւ այդ աշխարհագրութեան մէջ հայ կեանքի որոնումը։ Եղեռնի աշխարհագրութիւնը կանգ առած էր 1915-ին, գաւառահայութեան հետ անկարելի էր կապեր հաստատել։ Թուրքիոյ իսլամացուած հայերու հետ, իմանալով որ ատանկ երեւոյթ մը կայ՝, գաղտնի հայեր, գացի զիրենք փնտռելու, գացի իրենց պատմութիւնները քաղելու, որոնք բանաւոր  մնացած էին»,- ըսաւ Աւետիս։

«Կազմակերպուած հայ կեանքը Եղեռնէն վերջ մեր պատմական տարածքներուն մէջ չկայ այլեւս։ Թուրքիան կրօնապաշտ, պահպանողական ընկերութիւն մըն է, մեր կենցաղային կարեւորագոյն արժէքները չկան այլեւս. մկրտութիւն, թաղում ամուսնութիւն..․ մեր պատմական նահանգներուն մէջ ոչ իսլամական դաւանանքով իրականացնել, անկարելի է այլեւս։ Ինչ բեկոր որ մնացած է հայութեան՝ վտանգուած է, ուրեմն եղեռնը շարունակական է, շատ աւելին՝ քան Եւրոպայի մէջ հրեաներու պարագային։  Ուզես չուզես ձուլումը կը շարունակուի, դեռ խտրութիւններ կան հայերուս համար»,- կ՛ըսէ ան։   

Պոլսոյ մէջ հայրենակցական միութիւններ կան,  որոնք կապ ունին գաւառները ապրող իրենց հարազատներուն հետ, ինչպէս կ՛ըսէր Ղեւոնդ Ալիշան 19 րդ դարուն՝ ասոնք  կէս կէս կը կոչուին, ասոնք ձեւականօրէն կը պատկանին այլ կրօնքի, բայց երբոր Պոլիս գան, մեր եկեղեցին կը յաճախեն։ Բոլորն ալ գիտեն , որ ասոնք իրական իսլամ չեն, ասոնք իրական քիւրտ չեն, ասոնք իրական ալեւի չեն։

Աւետիս Հաճեան նշեց, որ շատ շատ են երանգները այս հայերուն, որոնք համայնք չեն, այլ բեկորացած իրականութիւն մը, այնքան տեսակ հայեր կան գաւառահայութեան մէջ, որքան անհատներ կան ։

Աւետիս Հաճեան իր առաքելութիւնը կատարած է, շրջելով տեղէ տեղ, հակառակ վտանգուած ըլլալուն, երկու անգամ ոստիկանները զինք տարած են, յետոյ նորէն ազատ արձակած։

-Ո՛Չ, Ո՛Չ անգամ մըն ալ Թուրքիա ոտք չեմ դներ,- խօսքը եզրափակեց մեր հիւրը՝ Աւետիս Հաճեան։

Անի Զէյթունցեան

Կարդացեք նաև

Back to top button