
Բնակարան ապահովելու ծրագիրէն օգտուած է Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր շրջաններէն տեղահանուած 839 ընտանիք։ Այս մասին ըսաւ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտիչեան՝ ներկայացնելով Հայաստանի հանրապետութեան 2023 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին տարեկան հաշուետւութիւնը։
Իրանի Կարմիր մահիկը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Հայաստան։ Իսկ Իրանի մէջ նախագահական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 28-ին ։ Մ-6 ճանապարհի եզրերով՝ Դեբեդ գետի հեղեղման պատճառով փլուզուած հատուածին երկայնքով, արդէն կը տեղադրուին երկաթ-պէթոնէ խորանարդներ՝ անվտանգութիւնը ապահովելու համար։
Այս գիշեր Իսրայէլ օդային յարձակում գործած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մօտիկ գտնուող ռազմական դիրքերուն վրայ։ Կան զոհեր։





