Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 31 Մայիս. 2024

Երեկ ուշ երեկոյեան տեղական ժամանակով ժամը 23:27 Հայաստանի տարածքին մէջ երկրաշարժ մը պատահեցաւ, զգացինք Երեւանի մէջ, նաեւ Կոտայք եւ Արարատ մարզերուն մէջ: Ըստ ՆԳՆ հաղորդագրութեան՝ Երեւանէն 14 քմ․ հարաւ-արեւելք, 4-5 աստիճան սաստկութեամբ ստորգետնեայ ցնցում էր:

Հայաստանի հիւսիսը պատահած ջրհեղեղին պատճառով՝ աղէտի գօտիին մէջ փրկարարները կը շարունակեն բնակիչներուն ապահովել սնունդով եւ առաջին անհրաժեշտութեան իրերով։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը վերահաստատած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ Երեւանի հետ արդէն իսկ ստորագրուած համաձայնագիրները կեանքի կոչելու, ինչպէս նաեւ օգնելու Լոռի եւ Տաւուշ մարզերուն մէջ ջրհեղեղէն տուժողներուն։

Չորս օր մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ուենայ Բացօթեայ պալէի փառատօն, Նախագիծը կ՛իրականացուի Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ: Իսկ վաղը՝ Հունիսի 1-ին երեխաներու միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան հրապարակին մէջ «Փայլոու» բացօթեայ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 20-ին։

Կարդացեք նաև

Back to top button