ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 17 Ապրիլ. 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ-Ասատին՝ Սուրիոյ անկախութեան տօնին առիթով։

ՄԱԿ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ աւարտեցան ազգային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային պայմանագիրով քննուող «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի» դատական գործով բանաւոր լսումներու առաջին հանգրուանը ։

Փարիզ յայտարարեց, որ տուն կանչած է Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը: Ըստ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան ` այս որոշումին պատճառը «Ատրպէյճանի միակողմանի գործողութիւններն են, որոնք վնաս հասցուցած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն»:

Արցախի մէջ սկսած են դուրսբերել տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը։

Back to top button