
Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը Ապրիլ 8-ի գիշերը, Սիւնիքի՝ Արաւուս եւ Խոզնավար հատուածներուն Հայաստանի Զինուած ուժերու դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բացած են, կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ գերատեսչութիւնը հերքեց ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակելու մասին տեղեկութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան չի մասնակցիր Ապրիլ 12-ին Մինսքի մէջ կայանալիք Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: Այս մասին տեղեկացուց Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Բադալեան։
Լեմքին Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ինստիտուտը դատապարտեց Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ»ին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները։





