
Կութի եւ Տեղի հայկական դիրքերուն վրայ ատրպէյճանի կողմէն կրակոցներ հնչած են, սակայն Պաքուն ճիշտ հակառակը ներկայացուցած է : Ատրպէյճանի ապատեղեկութիւնը կասկածի տակ դրած են Եւրամիութեան դիտորդները, անոնք արձանագրած, որ մեր սահմաններուն ռազմական միջոցներու անսովոր տեղաշարժեր չկան:
«Հայաստան խորապէս մտահոգուած է Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատարանին վրայ վերջին յարձակումին պատճառով։ Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անձեռնմխելիութիւնը պարտաւորութիւն է եւ պէտք չէ կասկածի տակ դրուի որեւէ պարագային: Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու կապակցութեամբ եւ վիրաւորներուն ապաքինում կը մաղթենք»,-ըսուած է պաշտօնական Երեւանի յայտարարութեան մէջ:
Գալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ ընտրուած է Էլեն Ասատրեանը։ Բրիտանական թանգարանին մէջ պահուող Անահիտ աստուածուհիի պրոնզէ կիսանդրին վեց ամիս պիտի ցուցադրուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ:





