Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 27 Մարտ. 2024

5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հանդիպման օրակարգին վրայ պիտի ըլլա՞յ աջակցութիւն՝ քաղաքական, տնտեսական կամ ապահովական բնագաւառներուն մէջ. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Միլըր մանրամասնութիւններ չէ տուած։
Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթին գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեղւոյն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին, անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովական իրավիճակին, մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:
Այսօր թատրոնի միջազգային օրն է,այդ առիթով՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց, ընդգծելով թատրոնի անփոխարինելի դերը բոլոր ժամանակներու մէջ։

Back to top button