
Մեր նպատակն է Հայաստանը դարձնել բարձր արհեստագիտութեան տնտեսութիւն ունեցող երկիր մը. Եգիպտոսի մէջ վարչապետը հանդիպեցաւ եգիպտացի գործարարներուն հետ։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանը՝ Անահիտ Մանասեան Սթրազպուրգի մէջ հանդիպեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պեյչինովիչ Պուրիչի հետ։ Պաշտպանը ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերուն իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցեր։
6 Մարտը՝ Մեծ պահքը կիսող օրն է, այսինքն Միջինք։ Այդ օրը, ըստ աւանդութեան` հայ տանտիկինները բաղարջ կը թխեն, եւ մէջը մետաղադրամ կը դնեն: Որուն որ բաժին հասնի դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՛ունենայ:





