ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 09 Փետրուար. 2024

Հայաստան վերահաստատեց՝ թէ կողմ է Եւրամիութեան միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու վերսկսման։ Այս մասին ըսաւ Խորհրդարանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան։

Գերմանական ZDF պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ ըսած է՝ մեզի համար որեւէ ռազմական գործողութիւն աւարտուած է. Ատրպէյճան «վերականգնեց իր տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Ֆրանսախօսութեան մշտական խորհուրդը միաձայն որոշում կայացուց 2027 թուականի Ֆրանքոֆոնի մարզական, մշակութային խաղերու կայացման իրաւունքը Երեւանին շնորհելու : Այս մասին գրած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան։

Կարդացեք նաև

Back to top button