
Հայաստանի Հանրապետութեան թիւ 1 հերոսը աշխատող եւ հարկ վճարող քաղաքացին է, գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ դիմատետրի էջին նշելով, որ քաղաքացիի վճարած հարկերու շնորհիւ կը կառուցուին եւ կը գործեն դպրոցներ, մանկապարտէզներ, ճանապարհներ, ջրագիծեր: Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Հունկարիա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահը անդրադարձաւ վերջին տարիներուն երկրին մէջ կատարուած բարեփոխումներուն: 2024 թ. Յունուարին Հայաստան այցելած է 154 հազար զբօսաշրջիկ։ Այդ մասին ըսուած է Տնտեսութեան նախարարութեան դիմատետրի էջին։ Այսօր՝ Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Վարդանանց տօնը եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օրը։ 451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտը։




