ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 07 Փետրուար. 2024

Հունկարիոյ նախագահական նստավայրին մէջ կայացաւ նախագահներ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Քաթալին Նովաքի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեց պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպում։ Վահագն Խաչատուրեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրի առանցքային կէտերը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Հոլանտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ մշտական դատարանի գլխաւոր քարտուղար Մարչին Չեպելաքի հետ: Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հարաւային Կովկասի մէջ ընդհանուր անվտանգային իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներուն:

Կեանքէն հեռացած է Գագիկ Գինոսեանը։ Մահուան պատճառը սրտի կաթուածն է։ Ան 58 տարեկան էր։ Գինոսեան, այցելելով բազմաթիւ գիւղեր, գրի առած է պարերու նկարագրութիւններ եւ վերականգնած 36 ազգային պար, որոնց առաջին կատարողը եղած է իր հիմնադրած «Կարին» խումբը։

Կարդացեք նաև

Back to top button