
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Չեխիոյ եւ Ղրղզիստանի մէջ ռազմական կցորդներ պիտի ունենայ։ Որոշումը ընդունուեցաւ կառավարութեան այսօրուայ նիստին: Երէկ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը քուէներու 76 թեր, 10 դէմ, 4 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ որոշեց չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները:
Իրան եւ Թուրքիա համատեղ յայտարարութիւն մը տարածեցին, ուր ընդգծած են Հարաւային Կովկասի երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը։
Գերմանիոյ դուրս գալը Եւրամիութենէն սպառնալիք է՝ ժողովրդավարութեան համար․ յայտարարած է Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։





