
Փոխ Արտաքին գործոց նախարար Վահան Կոստանեան Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի նախագահի վերջին հարցազրոյցին մէջ հնչած՝ ապակառուցողական եւ խաղաղութեան օրակարգէն շեղող յայտարարութիւններուն վրայ, կը հաղորդէ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ճեպազրոյցի ատեն յայտարարեց Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլեր՝ յոյս յայտնելով, որ կողմերը կայուն խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրեն, որը կ՛ընդունի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Միլանոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի նոր երաժշտական ղեկավարն է՝ Վիեննայէն, 28 տարեկան, հայկական ծագումով Էմանուէլ Ճգնաւորեանը, կը յայտնեն Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն։





