Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 9 Յունուար. 2024

«Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն նպատակը Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելն ու երաշխաւորելն է»,- ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծելով նաեւ արտաքին քաղաքականութեան տնտեսական բաղադրիչի առաւելագոյնս օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան զօրամասի մարտական դիրքին՝ յայտնաբերուած է պայմանագրային զինծառայող Կարէն Արայիկի Կարապետեանի դիակը՝ հրազենային վնասուածքով: Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ դէպքի հանգամանքները ամբողջովին պարզելու նպատակով քննութիւն կը ընթանայ:

2023 թուականի՝ Յունուարէն Դեկտեմբեր ամիսներուն արձանագրուած է 2,3 միլիոն զբօսաշրջիկներու այցելութիւն դէպի Հայաստան՝ 39% աճ 2022 թուականի համեմատ: Կը յայտնէ Զբօսաշրջութան կոմիտէն։

Կարդացեք նաև

Back to top button