Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 15 Դեկտեմբեր. 2023

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումի պայմանաւորուածութիւն չկայ: Այս մասին յայտնեց Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեան։ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու առաջնային ծախսերը հոգալու համար նախատեսուած 50 հազար դրամ աջակցութեան ծրագիրի դիմումները ընդունելու վերջնաժամկէտը 15 Դեկտեմբերն է, կը յայտնեն Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն։ Միացեալ Նահանգները ողջունեց Թուրքիոյ արդիւնաւէտ դերը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին, ըսած է Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր։

Կարդացեք նաև

Back to top button