Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 17 Նոյեմբեր. 2023

Այսօր Երեւանի պետական համալսարանի մասնաշէնքերէն մէկուն մէջ պատահած պայթումին պատճառով՝ կայ 1 զոհ եւ 3 տուժածներ: Կը յայտնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն:
Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուած է 220 աճիւն, որոնց մէջ՝ հիմնական վառելիքի պահեստի պայթումին զոհերը։ Ըսուած է Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչեան տեղեկացուցած է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը կը գտնուի իր 16-դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյաբանական սպառնալիքի տակ։
Պոլսոյ մէջ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, խմբագիր՝ Հրանդ Տինքը 19 Յունուար 2007-ին սպաննած, թուրք ազգայնամոլ Օկիւն Սամասթ պայմանականօրէն ազատ արձակուած է, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»: Մարդասպանը 16 տարի բանտարկութենէն վերջ ազատ արձակուած է ։

Կարդացեք նաև

Back to top button