
Հայաստան ողջունեց ԵՄ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի որոշումը Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ։ Այս մասին անդրադարձաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան։
13 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Մեծն Բրիտանիոյ գործարարութեան եւ առեւտուրի պետական նախարարը Թիմըթի Մինթօ:
Վրաստանի նաւահանգիստը հաստատած է ֆրանսական Bastion տեսակի զրահամեքենաներու տարանցումը՝ նախատեսուած Հայաստանի համար։ Կը հաղորդէ Արմենփրէս։
Ճամբաներու ապաշրջափակումը կրնայ ծառայել որպէս Պարսից ծոցը՝ Սեւ ծովուն, Կասպից ծովը՝ Միջերկրական ծովուն միացնող խաչմերուկ. Ըսած է Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանը Սուրիոյ մէջ Ժողովրդական ժողովի նախագահ Համմուտա Սապպաղի հետ հադիպումին:




