
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան X-ի մէջ գրառում կատարած է՝ անդրադառնալով G7 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան, ուր անոնք Ատրպէյճանին կոչ ըրած են ամբողջովին կատարելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները:
Այսօր Կառավարութեան հերթական նիստի սկիզբը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջարկեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն յիշատակը: Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրը 50 տոկոսով պակսած է՝ 7 Հոկտեմբերի Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ պատերազմէն ետք։
Այս մասին Քուէյթ կատարած պաշտօնական այցելութեան ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարը։ Այսօր՝ 9 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 5։32-ին, Աղեքսանտրէթի մէջ պատահած 4.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժը ցնցած է Սուրիոյ՝ Հալէպ, Թարթուս, Լաթաքիա եւ Իտլիպ նահանգները։




