
Ամերիկան վերահաստատեց իր վճռական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ պատասխանելով «Ամերիկայի ձայնի» հայկական ծառայութեան հարցումին կապուած Լեմքին ինստիտուտի՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մասին օրերս հնչած մտահոգութեան հետ:
Վաղը՝ 3 Նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցմամբ՝ նախատեսուած է նախարարներուն հանդիպումը եւ ապա մամլոյ ասուլիս։
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեանի ղեկավարութեամբ, համերգներով հանդէս պիտի գայ Յունաստանի, Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ: Հիւրախաղերը նուիրուած են հայ մեծանուն երգահան Արամ Խաչատրեանի 120ամեակին եւ կ՛իրականացուին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:





